2015-01-21 12:16:59

«Յիշելով Հրանդ Տինքը»` Հայր Գէորգ Ծ.Վրդ Զապարեանի քարոզը։


«Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս՝ կ՚ըսեմ. “Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ կը սպաննեն մարմինը, եւ կարողութիւն չունին անկէ աւելի բան մը ընելու: Հապա ձեզի ցոյց տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէ՛ք անկէ՝ որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի գեհենը նետելու: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, անկէ՛ վախցէք»: Յիսուսի այս խօսքերը ներշնչանքի աղբիւր եղան քրիստոնէութեան պատմութեան բոլոր ժամանակներու մարտիրոսներուն՝ սկսեալ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչէն որուն յիշատակը նշեցինք անցեալ 14 Յունուարին:
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը այն մարդն է որ նախընտրեց գլխատուիլ քան իր խիղճը արատաւորել: Ան, Աստուծոյ Պատուիրաններուն ու բարոյական սկզբունքներուն պաշտպանութեան համար՝ Հերովդէս թագաւորին անկարգութինը անվախօրէն ձաղկեց եւ իր այդ անվեհեր կեցուածքին պատճառով, իր կեանքը կորսնցուց՝ հանդիսանալով առաջինը այն բիւրաւոր մարտիրոսներուն որ նախընտրեցին ճշմարտութեան, արդարութեան եւ ազատութեան համար հալածուիլ եւ իրենց կեանքը զոհել քան հանդուրժել անօրէնութիւնը, կեղծիքը, սուտը եւ անիրաւութիւնը:
Տանջանքի եւ ֆիզիքական պատիժի վախը բոյն շինած է ամէն մարդկային էակին մէջ, ըլլա'յ իր կրօնական համազումներուն, ըլլա'յ իր քաղաքական գաղափարներուն համար: Ոմանք, վախնալով իրենց կեանքը կորսնցնելու՝ կը լռեն, ուրիշներ, կը նախընտրեն խիզախօրէն ձայն բարձրացնել, յիշել, յիշեցնել ու պահանջել:
Այլեւս չի համրուիր թիւը բոլոր անոնց որ բզկտուեցան, գլխատուեցան, ողջ ողջ հրկիզուեցան որովհետեւ չվախցան իրենց գաղափարները յայտնելու կամ իրենց բարոյական սկզբունքները համարձակօրէն արտայայտելու կամ ալ իրենց քրիստոնէական կրօնքին կառչած մնալու:
Հայ ազգը, իր կարգին, հպարտ է նման զաւակներ ծնած ըլլալով: Փաստը՝ առաջին դարերէն ի վեր իր տուած՝ վասն Հաւատոյ եւ Հայրենեաց իրենց արիւնը թափած Սուրբ Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք ինչպէս նաեւ, 100 տարիներ առաջ, Հայ Ցեղասպանութեան նահատակները որ յառաջիկայ 23 Ապրիլին պիտի սրբադասուին Էջմիածնի մէջ, ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն հայ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Այս պանծալի Նահատակներու հոյլին միացաւ՝ ութ տարիներ առաջ, 19 Յունուար 2007ին, թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքը որ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իր ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար՝ հրազէնային կրակոցներով Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս»¬ի խմբագրատան առջեւ սպաննուեցաւ թուրք դաւադիրի ձեռքով:
Որոշ քաղաքագէտներու կարծիքով սպանութիւնը ծրագրուած և իրականացուած է Թուրքիոյ մէջ ազգային անհանդուրժողականության խնդիրը խորացնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը ձախողանքի եւ մոռացութեան մատնելու համար:
Մեր օրերուն դաժան մարդիկ մոլեգնած են՝ ջանալով ի զուր «բերանը գոցել» զիրենք անհանգստացնողներուն՝ մոռնալով որ գաղափարները ոչ կը սպաննուին եւ ոչ կը ռմբագոծուին, ընդհակառակն՝ անոնք վերապրելու սահմանուած են:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը օրեր առաջ Փարիզի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութեան առթիւ որուն հետեւանքով բազմաթիւ լրագրողներ սպաննուեցան, շեշտեց թէ «Ոճրագործները կրնան մարդը ջարդել բայց ի զուր կը ջանան անոր վեհ համոզումները սպաննել»: Յիսուսի Աւետարանէն ներշնչուած այս ընկալեալ եւ անհերքելի ճշմարտութեան հիման վրայ, կրնանք ապահով ըլլալ թէ Հրանդ Տինքը տակաւին կ'ապրի՝ իր կտակած գաղափարներով, համոզումներով եւ յատկապէս իր պահանջատիրութեամբ: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր հայ կրայ ըսել «Ես Հրանդ Տինք եմ»:
Մինչ այսօրուան հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը կը մատուցանենք՝ հայազգի հերոս Հրանդ Տինքին համար զոր զինք սպաննողին արձակած աղաղակին համաձայն «Կեաւուր» էր` մտաբերենք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի սա երանութիւնը «Երանի անոնց որ արդարութեան համար կը հալածուին, վասնզի անոնց է երկինքի արքայութիւնը:» Ամէն:
Հ. Գ. Զ.








All the contents on this site are copyrighted ©.